Վրաստանը պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար։
Այդ մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին։
«Մենք պատրաստ ենք աշխատելու մեր հարեւաններու եւ բարեկամներիու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, որ վերջնականապէս երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատուի Հարաւային Կովկասի մէջ», -ըսած է Ղարիպաշվիլին՝ Թիֆլիսի մէջ բանալով Մետաքսի ճանապարհի համաժողովը։
Նախկապէս Ղարիպաշվիլին բազմիցս առաջարկած է Թիֆլիսը՝ որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու հարթակ: