image
Հրատապ լուրեր:

Մենք պիտի չմիանանք պատիժներուն. Ղարիպաշվիլի

Մենք պիտի չմիանանք  պատիժներուն. Ղարիպաշվիլի

Վրաստանը, հաշուի առնելով երկրի ազգային շահերը եւ ժողովուրդին շահերը, չի ծրագրեր միանալ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի սահմանած տնտեսական եւ ֆինանսական պատժամիջոցներուն: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին:

«Պատժամիջոցներու սահմանումը աւելի մեծ վնաս պիտի հասցնէ մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին», նշած է Ղարիպաշվիլին:

Վրաստանի կառավարութեան ղեկավարը նաեւ ըսած է, որ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ եւ խորհրդարանի արտահերթ նստաշրջան կայացնելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ: