Գիշերն Ուքրանիոյ զինուած ուժերը շարունակած է գործողութիւնները Քուրսքի ուղղութեամբ։ Ռուսական լրատուամիջոցներու տեղեկութեան համաձայն՝ շրջանին մէջ կայ հինգ զոհ, տուժածներու թիւը հասած է 28-ի:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալով՝ նախորդ գիշեր Քուրսքի մարզի երկնքին մէջ խոցուած է երկու հրթիռ եւ չորս անօդաչու թռչող սարք։ Նշուած է, որ Ռուսիոյ զինուած ուժերու հրետանին եւ օդուժը հարուածած է ուքրաինական ուժերը Քուրսքի Սուճանի եւ Քորենեւի շրջաններուն մէջ: Քուրսքի նահանգապետի պաշտօնակատար Ալեքսէյ Սմիռնովը յայտարարած է, որ մարզը կը շարունակէ դիմադրութիւն ցոյց տալ ուքրանական յարձակումներուն։
Աւելի վաղ ուքրանական լրատուամիջոցները նշած էին, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կ՚ընդլայնեն առաջընթացը Քուրսքի շրջանին մէջ։ Նշուած է, որ ռուսական կողմը չի վերահսկեր իրավիճակը, շրջանը բուռն գնդակոծութեան կ՚ենթարկուի։
Այս գիշեր եւ առաւօտեան հրթիռային հարուածի վտանգ յայտարարուած է Պելկորոտի եւ Պելկորոտի շրջանի մէջ, Շեպեքինի եւ Շեպեքինի քաղաքային շրջանին մէջ՝ յայտնած է նահանգապետ Վեաչեսլաւ Կլատքովը։ Մարդոց կոչ ըրած են թաքնուելու նկուղներու մէջ։