image

Ուքրանիոյ հարցով տարակարծութիւն՝ G20-ի երկիրներու եւ ԵՄ-ի միջեւ

Ուքրանիոյ հարցով տարակարծութիւն՝  G20-ի երկիրներու եւ ԵՄ-ի միջեւ

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել G20-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ յայտնած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի ռազմական գործողութեան վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներու մասին՝ շեշտելով, որ ԵՄ-ի տեսակէտն առայժմ գերիշխող չէ։ Այս մասին ան գրած է իր թուիթըրեան պաշտօնական էջին։

«Պատումներու համաշխարհային պայքարը կ'եռայ, եւ առայժմ մենք յաղթող դիրքի վրայ չենք։ Որպէս ԵՄ մենք պէտք է շարունակենք հերքել ռուսական սուտն ու ռազմական քարոզչութիւնը՝ պարզաբանելով՝ ով է պատասխանատու յարձակման եւ հետեւաբար նաեւ ատոր հետեւանքներու համար», - գրած է Պորել։

Անոր խօսքով՝ ԵՄ-ն պէտք է յստակ գործողութիւններով իր համերաշխութիւնը յայտնէ Ուքրանիոյ՝ օգնելով անոնց, որոնք ամէնէն շատը տուժած են յատուկ գործողութեան հետեւանքներէն: Պորել նաեւ աւելցուցած է, որ պարէնային ճգնաժամը պայմանաւորուած չէ ԵՄ-ով ու պատժամիջոցներով, քանի որ ԵՄ-ն չարգիլեր ռուսական գիւղատնտեսական ապրանքներու կամ պարարտանիւթերու ներմուծումն ու անոնց դիմաց վճարումը։