image

Ուքրանիան կրնայ «մէկ այլ ՆԱԹՕ» ստեղծել Պալթեան երկիրներու եւ Ֆինլանտայի հետ․ Զելենսքի

Ուքրանիան կրնայ «մէկ այլ ՆԱԹՕ» ստեղծել Պալթեան երկիրներու եւ Ֆինլանտայի հետ․ Զելենսքի

Ուքրանիան կրնայ «մէկ այլ ՆԱԹՕ» ստեղծել Պալթեան երկիրներու եւ Ֆինլանտայի հետ, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին,  յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։

«Ես օրակարգէն չեմ հաներ Ուքրանիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին: Անվտանգութեան ցանկացած երաշխիքի հիմքը պէտք է ըլլայ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութիւնը: Իսկ եթէ ոչ, ապա կան պայմաններ, որոնք թոյլ կու տան մեզի ստեղծելու մէկ այլ ՆԱԹՕ այստեղ՝ Ուքրանիոյ մէջ»,- նշած է ան։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսըթ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին իրատեսական չէ։