Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ըսած է, որ Քիեւին հասկցուցած են, որ ան չի կրնար անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին: Ըստ անոր` ուքրանացի ժողովուրդը նոյնպէս սկսած է այդ հասկնալ:
«Հասկնալի է, որ Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի անդամ չէ: Մենք ատակ մարդիկ ենք, կը հասկնանք: Տարիներ շարունակ մենք լսած ենք իբր բաց դռներու մասին, բայց նաեւ լսեցինք, որ չենք կրնար մտնել այնտեղ: Եւ այդ ճիշդ է, եւ մենք պէտք է ընդունինք: Ես ուրախ եմ, որ մեր ժողովուրդը սկսած է այդ հասկնալ եւ յոյսը դնել իր եւ մեր գործընկերներուն վրայ, որոնք կ'օգնեն մեզի», ըսած է Զելենսքի: