Ռուսիան կը շարունակէ ուքրանացիները ահաբեկել հրթիռային յարձակումներով: Այս մասին յայտնած է նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքին պատերազմի 109-րդ օրուայ վերաբերեալ իր տեսաուղերձին մէջ:
«Բռնագրաւողներուն առանցքային մարտավարական նպատակը չէ փոխուած. Սեւերոտոնեցքի մէջ անոնք ճնշում կը գործադրեն, այնտեղ կը շարունակուին կատաղի մարտերը` բառացիօրէն ամէն մեթրի համար: Անոնք կը ճնշեն նաեւ Լիսիչանսքի, Պախմութի, Սլաւեանսքի եւ միւս ուղղութիւններով», տեղեկացուցած է երկրի նախագահը` յաւելելով, որ ռուսական բանակը կը փորձէ պահեստային ուժեր բերել Տոնպաս:
Մինչդեռ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը Յունիս 13-ի առաւօտեան հաղորդագրութեան մէջ յայտնած է, որ ռուսական զօրքը Սեւերոտոնեցքի մէջ մասնակի յաջողութեան հասած են` Ուքրանիոյ զինուած ուժերը դուրս մղելով քաղաքի կեդրոնէն:
«Սեւերոտոնեցքի ուղղութեամբ հակառակորդը հրետանիի աջակցութեամբ գրոհային գործողութիւններ իրականացուցած է Սեւերոտոնեցք քաղաքին մէջ, ունեցած է մասնակի յաջողութիւններ, մեր ստորաբաժանումները դուրս մղուած են քաղաքի կեդրոնէն, մարտերը կը շարունակուին», կ'ըուի հաղորդագրութեան մէջ: