Մայիս 6-ին Պելկորոտի մարզի Պորիսովի շրջանին մէջ մարդատար մեքենաներու վրայ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու անօդաչու սարքերու յարձակման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 7-ի։
Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ յղում ընելով «Ակրո-Պելոկորիէ» ընկերութեան։
«Այսօր «Ակրո-Պելոկորիէ» ընկերութիւններու խումբի մեր խոզաբուծական ագարակներ աշխատակիցները տեղափոխող երկու մեքենայ ենթարկուած է անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման, որու հետեւանքով տուժած է 35 մարդ, ցաւօք՝ 7-ը զոհուած է», -ըսած է պաշտօնեան։
Ինչպէս աւելի ուշ պարզաբանած է նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքովը, յարձակման թիրախ եղած են երկու «Կազել» եւ մէկ մարդատար մեքենայ։