Ուքրանական «Ազովսթալ» գործարանի տարածքին մէջ շրջափակուած ուքրանացի զինուորները կը շարունակեն յանձնուիլ, յայտարարած է է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ զօրավար Իկոր Քոնաշենքովը:
«Մարիոփոլո մէջ ազգայնական «Ազով» ստորաբաժանման զինեալները եւ «Ազովսթալ» գործարանին մէջ արգելափակուած ուքրանացի զինուորները շարունակած են յանձնուիլ: Մէկ օրուայ ընթացքին 694 զինեալ յանձնուած է, այդ շարքին` 29 վիրաւոր: Մայիս 16-էն ի վեր 959 զինեալ յանձնուած է, այդ շարքին` 80 վիրաւոր», ըսած է Քոնաշենքովը: