Ուաշինկթընի մէջ սպանուած է Իսրայէլի դեսպանատան երկու աշխատակից։ Այս մասին յայտնած է CNN-ը։
Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ կասկածեալը կալանաւորուած է Ուաշինկթընի մէջ գտնուող «Քեփիթըլ» հրէական թանգարանի մօտ տեղի ունեցած կրակոցներու հետեւանքով Իսրայէլի դեսպանատան երկու աշխատակիցներու սպանութենէն ետք: Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպանի խօսքով՝ չորեքշաբթի երեկոյեան սպանուած տղամարդն ու կինը «երիտասարդ զոյգ էին, որոնք կը պատրաստուէին նշանադրուիլ»:
Կասկածեալը նոյնականացուած է որպէս Շիքակոյէն 30-ամեայ Էլիաս Ռոտրիկես, որ կալանքի տակ գտնուելու ժամանակ վանկարկած է «Ազատութիւն, ազատ Պաղեստին»: Ականատեսը CNN-ին ըսած է, որ կասկածեալը «ձեւացուցած է, թէ վկայ է» եւ աւելի քան 10 վայրկեան սպասած է ոստիկանութեան ժամանման, նախքան ըսելը, որ «այդ ըրած է Կազայի համար»:
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցաւակցութիւն յայտնած է երկու զոհերու ընտանիքներուն՝ Truth Social-ի մէջ ըսելով, որ հակասեմականութիւնը, «ատելութիւնը եւ արմատականութիւնը տեղ չունին Միացեալ Նահանգներու մէջ»: