Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթնաժողովը եւ հոն ստորագրուած փաստաթուղթերը պատմական նշանակութիւն ունին։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին։
Պայրամով նշած է, որ «Ատրպէյճանի հետեւողական քայլերը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ», միտուած են շրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման։
«Այս հնարաւորութիւնը պատշաճ կերպով գնահատելու եւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար, Հայաստանը պէտք է լուծէ Ատրնպէյճանի դէմ ունեցած իր տարածքային պահանջները, ինչպէս ամրագրուած է անոր Սահմանադրութեան մէջ»,- նշած է Պայրամովը։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, կարեւորելով «Թրամփի ուղին», ընդգծած է, որ այն մեծ նշանակութիւն ունի շրջանի մէջ կապերու բազմազանացման գործին մէջ։ Սակայն Պայրամովը այս պարունակին մէջ կրկնած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի թէզը, թէ TRIPP երթուղին պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ կապը՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքով»։