Ուաշինկթընի Ճորճթաուն համալսարանի ուսանողական թերթը` «Հոյա», անցեալ շաբաթ հրապարակեց քննական ծաւալուն յօդուած մը` թուրք կառավարութեան ստեղծած Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի փակման մասին։ Հետաքրքրական է, որ յօդուածի աւարտին նշուած էր, որ զայն գրած են Լիամ Սքաթ եւ գրող այլ աշխատակից մը, որ «խնդրած է չյայտնել իր անունը՝ Թուրքիոյ մէջ ապահավութեան նկատառումներէ մեկնած»։
Թէեւ տուեալ հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած էր Թուրքիոյ մասին դրական պատկեր ձեւաւորելու նպատակով, սակայն վերջ գտաւ իր իսկ ամերիկեան խորհուրդի անդամներուն զայրոյթ պատճառելով, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշեց փակել զայն:
1982ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ճորճթաուն համալսարանին մէջ հիմը դրաւ Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին (ITS)՝ յատկացնելով 3 միլիոն տոլար։ Նպատակն էր՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ մասին պատշաճ պատկեր ստեղծել, իր շուրջ խմբելով ամերիկացի այն ակադեմականները, որոնք ուսումնասիրութիւններ կ՛իրականացնէին թրքական թեմաներով եւ նիւթապէս զօրակցիլ անոնց: Հիմնադրուելէն ի վեր, ITS տարեկան ծախսած է մօտաւորապէս 350 հազար տոլար՝ 19 համալսարաններու 400 դասախօսներու տալով «դրամաշնորհներ, կրթաթոշակներ, նպաստներ եւ նախնական ֆինանսաւորում»՝ թրքական ուսումնասիրութիւնները խթանելու նպատակով գիրքեր եւ ամսագիրներ հրատարակելու համար։ Այս առիթով ITS յայտարարեց, որ հիմնարկը «առանցքային դեր խաղացած է Միացեալ Նահանգներու՝ ՆԱԹՕի գլխաւոր դաշնակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան մասին գիտելիքներու եւ ըմբռնման խթանման գործին մէջ»:
Զարմանալի չէ, որ ITS իր կառավարիչներու խորհուրդի պատուաւոր նախագահ նշանակած էր ԱՄՆի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին`վերահսկելու համար անոր գործունէութիւնը եւ ֆինանսաւորման որոշումները: Խորհուրդը բաղկացած էր Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան նախկին նշանաւոր պաշտօնեաներէն եւ օսմանեան ու ժամանակակից թրքական ուսումնասիրութիւններու վերաբերեալ ամերիկացի հռչակաւոր դասախօսներէն։ ITSի առաջին գործադիր տնօրէնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող Հիթ Լաուրին էր:
1985ին, ես ներքաշուեցայ ITSի հետ իրաւական վէճի մը մէջ, երբ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ գրեցի՝ «Թուրքերը ինչպէ՞ս կ՛օգտագործեն մեր հարկային տոլարները մեր դէմ» վերնագրով խմբագրական մը, ուր մատնանշեցի, որ ITSէն դրամական պարգեւներ ստացած դասախօսներէն շատեր այն նոյն մարդիկն էին, որոնք ստորագրած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտարարութիւն մը: Յայտարարութիւնը իբրեւ վճարովի ծանուցում հրապարակուած էր «Ուաշինկթըն Փոսթ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթերու մէջ, 19 Մայիս 1985ին: Լաուրի ներգրաւուած էր այս յայտարարութեան պատրաստման եւ անոր համար ստորագրութիւններու հաւաքման մէջ: Յօդուածիս մէջ ըսի, որ յայտարարութեան 69 ստորագրողներէն քսանը տասնեակ հազարաւոր տոլարներ ստացած են ITSէն: Այս ծանուցման մէջ Լաուրիի դերը եղած է խախտում՝ ITSի հարկերէ զուրկ կարգավիճակի, որ օրէնքով կ՛արգիլէր քաղաքական լոպիինկ իրականացնել այն ատեն, երբ ԱՄՆ Գոնկրեսը կը քննարկէր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին ընդունումը: ITS նաեւ հակասեց իր իսկ յայտարարութեան, թէ՝ «ան չի ձգտիր ազդել օրէնսդրութեան վրայ կամ պաշտպանել որոշակի քաղաքականութիւն կամ օրակարգեր»:
Հակառակ անոր, որ այդ ժխտողական յայտարարութիւնը ստորագրած մտաւորականներուն ստացած գումարներուն մասին տեղեկութիւնը ես ձեռք բերած էի ITSի մէկ գրքոյկէն, ITS թերթիս խմբագրութեան յղեց նամակ մը, որով կը սպառնար ինծի դէմ լուրջ դատական հայց ներկայացնել, եթէ չհրապարակէի ծաւալուն դրժում մը իմ կողմէս, բան մը, որ մերժեցի ընել։ ITS հրաժարեցաւ հայցի գաղափարէն։
«Հոյա» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածով մանրամասն տուեալներ ներկայացուած են ITSի փուլ գալուն մասին, որ ինքնին թրքական քարոզչական նախագիծ էր՝ քողարկուած որպէս ակադեմական գործ: Հիմնարկը փակուեցաւ Սեպտեմբեր 2020ին, որովհետեւ անոր խորհուրդին մաս կազմող կարգ մը անկախ դասախօսներ հրաժարած էին հետեւիլ թրքական կառավարութեան ցուցմունքներուն:
«Հոյա» այս մասին գրած է, որ «ըստ ITSի նախկին գործադիր տնօրէն Սինան Չիտտիի եւ ITSի խորհուրդի նախկին անդամներ Ուալթըր Տենիի եւ Սթիւըն Քուքի՝ ITSի ֆինանսաւորման դադրեցման մասին Թուրքիոյ որոշումը կայացաւ Էրտողանին կուրօրէն սատարելու եւ հաւատարմօրէն գործադրելու կառավարական ճնշումներու աճման ընթացքին: Անոնք ըսին, որ ITS յայտնուած էր կառավարութեան բռնաճնշումներու կրակին տակ, բան մը, որ կը բնորոշէ Էրտողանի՝ օր աւուր աճող բռնակալ Թուրքիան»:
Ճորճթաունի թրքագիտութեան փրոֆեսըր Չիտտի «Հոյա» թերթին յայտնեց, որ ITS ի սկզբանէ անկախ միաւոր մըն էր, որ կը գործէր Ճորճթաուն համալսարանէն դուրս։ Հետագային համալսարանը «ITSի տրամադրեց գրասենեակային տարածք եւ վարչական աջակցութիւն, սակայն համալսարանը խօսք չունէր հիմնարկի գործունէութեան մէջ: Ճորճթաուն նաեւ ամբողջացուց հիմնարկի գործադիր տնօրէնի ամսական վճարումը միայն անկէ ետք, երբ ITS կորսնցուց Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ նիւթական աջակցութիւնը»: Փրոֆ․ Ճենի Ուայթ, որ մօտաւորապէս 20 տարի ծառայած է ITSի խորհուրդին մէջ, «Հոյա»յի ուշադրութեան յանձնեց, որ ITS «լաւագոյն ծանուցումն էր, որ կրնար ըլլալ Թուրքիոյ համար»:
2006ին, Պինկհամթըն համալսարանի նախկին փրոֆեսըր Տանըլտ Քուաթըրթ հրաժարեցաւ ITS խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը պնդելէ ետք, կ՛ըսէ «Հոյա»: Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան ակադեմական ազատութեան յանձնախումբը, այդ օրերու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յղած բաց նամակին մէջ բողոքած էր, որ «Քուաթըրթ հրաժարական տուաւ թրքական կառավարութեան ճնշումներուն պատճառով: ITSի խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ հրաժարական տուին՝ ի պաշտպանութիւն Քուաթըրթի»։
Երբ Էրտողան դարձաւ աւելի կեղեքող, թրքական կառավարութիւնը հիմնարկը դիտեց որպէս Թուրքիոյ ոչ ձեռնտու ակադեմական հետազօտութիւններու ֆինանսաւորում: Մայիս 2015ին, ԱՄՆի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան հրաւէրով տեղի ունեցած կիսամեակային ընթրիքին բողոքած է ITSի նախագահ Ռաս Ուիլսընի դէմ այն մասին, որ «ITSի կողմէ վերջերս կատարուած կարգ մը աշխատանքներ բացասական էին Թուրքիոյ կառավարութեան հանդէպ եւ (ան) հետաքրքրութիւն դրսեւորեց ITSի աշխատանքները քաղաքական նպատակներով յօգուտ կառավարութեան ուղղելու առումով», ինչպէս հաղորդած է «Հոյա»։
Այնուհետեւ դեսպան Քըլըչ չեղեալ յայտարարած է 2015ի աշնան նախատեսուած ITSի ընթրիքը: Վերջապէս, «Սեպտեմբեր 2015ի սկիզբը, Սալցման եւ Էվինչ՝ ԱՄՆի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը ներկայացնող Ուաշինկթընի փաստաբանական գրասենեակէն», հիմնարկին փոխանցած են, որ թրքական կառավարութիւնը այլեւս նիւթապէս զօրավիգ պիտի չկանգնի ITSի: Աւելի ուշ, Քըլըչ նամակ մը յղած է՝ հաստատելով ֆինանսաւորման աւարտը:
«Իսկ երբ Թուրքիա դադրեցուց կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը, (Ճորճթաուն համալսարանի) Արտաքին ծառայութեան դպրոցը ITSի տրամադրեց ֆինանսական եւ վարչական լրացուցիչ աջակցութիւն», ըսած է «Հոյա»: Հետեւաբար, ITS բաւարար միջոցներ ունէր իր գործունէութիւնը շարունակելու մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2020, երբ վերջնականապէս փակեց իր դռները:
Թրքագիտութեան մասին այս ձախողած հիմնարկին երկար պատմութիւնը պէտք է դաս ըլլայ բոլոր համալսարաններուն, որպէսզի չկրկնեն Ճորճթաունի սխալը: Այն, որ վերջինս ողջունած է իր ակադեմական չափանիշներուն հակառակ քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող նախագիծ մը: Պարզ է, որ ակադեմականներու եւ քաղաքական գործիչներու միախառնումը երբեք լաւ արդիւնք չի տար․․․
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com