image

Ուաշինկթըն պատրաստ է Իրանի հետ ուղիղ բանակցութեան

Ուաշինկթըն պատրաստ է Իրանի հետ ուղիղ բանակցութեան

«Միացեալ Նահանգները առաջուայ պէս պատրաստ է Իրանի հետ ուղիղ բանակցութիւններու միջուկային գործարքի շուրջ», յայտարարած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականի առաջին տեղակալ Ճոնաթան Ֆայնըրը միջուկային ուժաբանութեան ոլորտի նախագահ՝ Պայտընի վարչակազմի քաղաքականութեան նուիրուած առցանց համաժողովի ժամանակ:

«Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ պատրաստ ենք ուղիղ բանակցութիւններու: Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է՝ մենք պատրաստ ենք վերադառնալու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած բանակցութիւններուն», ըստ ԹԱՍՍ-ի՝ ըսած է Ֆայնըրը՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը առաջուայ պէս տարաձայնութիւններ ունին այն հարցին շուրջ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարիմ մնալ միջուկային համաձայնագրի դրոյթներուն:

Իրանի միջուկային համաձայնագիրը՝ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրը, ստորագրուած է 2015-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական անդամ պետութիւններու ու Գերմանիոյ միջեւ, Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը կարգաւորելու նպատակով: Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահ Տանըլտ Թրամբ 2018-ին որոշում ընդունեց իր երկիրը նշուած համաձայնագիրէն դուրս բերելու մասին, սակայն գործող նախագահը՝ Ճօ Պայտըն, կողմ է Գործողութիւններու համապարփակ ծրագրին ամերիկեան կողմի մասնակցութիւնը վերականգնելուն: