image
Հրատապ լուրեր:

Ուաշինկթըն կը փափաքի վերակարգաւորել յարաբերութիւնները Ռիատի հետ. Պլինքըն

Ուաշինկթըն կը փափաքի վերակարգաւորել յարաբերութիւնները Ռիատի հետ.  Պլինքըն

Ուաշինկթընի վարչակազմը երբեք չէ ձգտած խզել յարաբերութիւնները Ռիատի հետ, այլ ցանկացած է փոխել զանոնք` ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Սէուտական Արաբիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ: Այս մասին ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն:

«Սէուտական Արաբիոյ պարագային մենք վարչակազմի աշխատանքի ամենասկիզբէն կ'ըսէինք, որ կը ջանանք վերափոխել, այլ ոչ թէ խզել մեր յարաբերութիւնները Սէուտական Արաբիոյ հետ, որպէսզի անոնք նախկինէն աւելի լաւ արտացոլեն մեր սեփական շահերը եւ արժէքները: Անոր տարրերէն մէկն այն էր, որ կարեւոր դեր յատկացուի մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն», ըսած է ամերիկեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը` պատասխանելով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի` թագաւորութիւն այցելելու հնարաւորութեան մասին հարցին:

Պլինքըն յիշեցուցած է, որ ԱՄՆ իշխանութիւնները աւելի վաղ հրապարակած էին զեկոյց՝ լրագրող Ճամալ Խաշոքճիի սպանութեան մասին 2018-ին, ինչպէս նաեւ միջոցներու ձեռնարկած էին սպանութեան յանցակից սէուտցի շարք մը պաշտօնական անձերու դէմ: ԱՄՆ պետական քարտուղարը փաստած է, որ Ուաշինկթընի եւ Ռիատի յարաբերութիւնները «բազմաթիւ շահերու կը վերաբերին»: «Մենք կը ձգտինք հաշուի առնել զանոնք բոլորը, որպէսզի այդ լաւագոյն ձեւով արտացոլէ մեր շահերն ու արժէքները: Բայց նախագահը յստակ հասկցուցած է, որ անկախ այն բանէն` արդեօք խօսքը կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ կամ ամբողջ աշխարհի մէջ այլ գործընկերներու, թէ հակառակորդներուն, մենք պիտի հետեւինք, որպէսզի մարդու իրաւունքները լիովին արտացոլուին մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ», յաւելած է Պլինքընը: