Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսն Աւագ հինգշաբթի այցելած է բանտ եւ լուացած 12 բանտարկեալ կանանց ոտքերը՝ իրականացնելով Ոտնլուայի կարգը, գրած է Daily Mail-ը:
Ծէսը կապուած է աստուածաշնչեան այն դրուագի հետ, երբ Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուս լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը անոնց պատուիրելով թէ ան որ իրենց մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ, պէտք է դառնայ միւսներուն ծառան։ Պապաը, կատարելով կարգը, ցոյց տուած է, որ Հռոմի պապը եւս «ծառայ» է:
87-ամեայ քահանայապետը, որ յաճախ հանդէս կու գայ բանտարկեալներուն կարեկցելու կոչերով, այցելած է Հռոմի հիւսիսարեւելեան ծայրամասին մէջ գտնուող «Ռեպիպիա» կանանց բանտը, ուր ան նոյն ծէսը կատարած էր 2015-ին:
Սակայն սա առաջին անգամն էր, որ Հռոմի պապը Սուրբ Յարութեան նախորդող Աւագ շաբթուան ընթացքին իր ամենամեայ ծէսը նուիրած է բացառապէս կանանց:
Անուասայլակին նստած Պապը լուացած է բանտարկեալներէն իւրաքանչիւրի ոտքերը, սրբիչով չորցուցած է եւ համբուրած: Կիներէն մի քանին չեն կրցած զսպել հուզմունքն ու արտասուած են։
«Մենք բոլորս ունինք փոքր ու մեծ ձախողութիւններ, իւրաքանչիւրս ունի իր պատմութիւնը։ Բայց Տէրը մեզ կը սպասէ միշտ, բազկատարած, ու երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ», -ըսած է կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդը։
