Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ողջոյնի խօսքը՝ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) հիմնադրութեան 112-ամեակի առթիւ
Քրիստոսաւանդ սիրով եւ հիացական ապրումներով կ՛ողջունենք Հայ Օգնութեան Միութեան աշխարհատարած ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամը եւ, մասնաւորաբար, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, իր մասնաճիւղերով հանդերձ:
Մեծ ու անխոնջ է ՀՕՄ-ը, որ աւելի քան դարէ մը ի վեր ինքզինք կը բաշխէ ի Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռս:
Մեծ ու նուիրեալ է ՀՕՄ-ը, որ ազգէն առածը աւելի անուշցած վերադարձնելով ազգին՝ կը գործէ հայ-քրիստոնէական ցեղային յատկանիշներուն հաւատարիմ սկզբունքով:
Մեծ ու երիտասարդ է ՀՕՄ-ը, որ կանացի իր շարքերը միշտ նորերով լրացնելով՝ արդիական ծրագիրներ կը կոչէ կեանքի:
Մեծ ու հզօր է ՀՕՄ-ը, որ թափով մը անկասելի կը ծառայէ յանուն ազգի ու հայրենիքի, յօգուտ հայ բանակի ու զինուորի, հայ մօր ու մանկան համար, հայ ուսուցիչի ու աշակերտի ի նպաստ, յաղագս հայ երիտասարդի ու տարեցի, վասն աշխատաւորի ու համալսարականի, ի սէր հիւանդի ու տկարի, առ կարիքաւորն ու անկարը, ի խնդիր հայ ազգի բոլոր զաւակներու առողջ եւ ապահով կեցութեան:
Մեծ ու անձնդիր է ՀՕՄ-ը, որ հոգածութեան առաջին գիծի վրայ նշաձողը բարձր բռնած՝ իբրեւ պատրաստարթուն հայ մեծ մայրերու, մայրերու, քոյրերու եւ դուստրերու բանակ, անսակարկ կ՛ընդառաջէ բոլորին կանչին՝ հոգեւոր, ազգային, կրթական թէ մշակութային հայակեդրոն կառոյցներուն երկարելով իր ձեռքը բերրի:
Առ այս, գոհունակ սրտով կը շնորհաւորենք հայութեան ու հայրենիքի ճշմարիտ զարկերակ ՀՕՄ-ը եւ առ Բարձրեալն Աստուած կ՛աղօթենք, որ մեր ժողովուրդէն չպակսի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, այլ անոր քաջարի նուիրեալներուն ներկայութիւնը ըլլայ խնամքի ու հոգատարութեան վառ փարոս բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր հայկեան զաւակներ կը շնչեն եւ կը ներշնչեն ուրիշներ, որովհետեւ մեծ է ՀՕՄ-ը եւ պատուաբեր է անոր գորովը բոլոր այն բաներուն համար, որոնք հա՛յ են, հայո՛ւն են, հայէ՛ն են եւ հայո՛ւն համար են: