image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոսիա. ՌԱԿ Պատուիրակութեան շնորհաւորական այցելութիւնը նորանշանակ Դեսպանուհի՝ Իննա Թորգոմեանին

  Նիկոսիա. ՌԱԿ Պատուիրակութեան  շնորհաւորական այցելութիւնը նորանշանակ Դեսպանուհի՝ Իննա Թորգոմեանին

«Արեւելք»ին յղուած   ՌԱԿ Կիպրոսի  Մարմնի հաղորդագրութիւնէն կը կարդանք՝ 

Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ի յետմիջօրէին, Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեանի։

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր շնորհաւորել Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկին Իննա Թորգոմեանը, պատասխանատու այս պաշտօնին նշանակման առիթով եւ ողջունել Կիպրոսի մէջ, ի վերջոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն ունենալու խրախուսիչ իրողութիւնը։

Տիկին Թորգոմեան եւ դիւանագիտական կանոնակարգի (փրոթոքոլ) օգնական Պարոն Լէոն Եաղուբեան ջերմօրէն ընդունեցին պատուիրակութեանանդամները, որոնք, շնորհաւորանքի իրենց արտայայտութիւններէն ետք, ընդգծեցին թէ ազգային իր դաւանանքի սահմանումով, ՌԱԿ-ը գերազանցապէս պետականամէտ կուսակցութիւն մըն է, որուն համար հարազատ է հայրենի ամէն իշխանութիւն, որ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններով կ'արժանանայ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդիվստահութեան։ Աւելցուցին նաեւ որ Կուսակցութեան անխախտ համոզումն է որ բացարձակապէս միայն հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներունիրաւասութիւնն է տնօրինումը Հայասատանի ներկային, այնպէս եւապագային։  

Ապա տեղի ունեցաւ աւելի քան մէկ ժամ տեւող մտերմիկ , բայց միաժամանակ նաեւ բովանդակալից ու խիստ կառուցողական զրոյց մը, որուընթացքին, կատարուեցաւ նախածրագրումը փոխադարձ սերտ համագործակցութեան։

 

Ձախէն աջ՝ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեան, Տիկին Իննա Թորգոմեան, ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան եւ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան