Հեղինակավոր Forbes հանդէսը ներկայացուցած է եութուպեան հարթակին մէջ ամէնէն շատ վաստակող պլոկըրները: Մարդիկ ի՞նչ կը սիրեն դիտել. Հիմնականին մէջ անոնք տարբեր հնարքներ ցուցադրող տեսանիւթեր են:
Առաջատարը, ըստ ամսագրին, MrBeast ալիքի օգտատէրն է: 23-ամեայ Ճիմի Տոնալտսընը 54 միլիոն տոլար վաստակած է 2021-ին, որ մրցանշային ցուցանիշ է: Անոր տեսանիւթերը 10 միլիառ դիտում ունեցած են՝ կրկնապատկուելով նախորդ տարուայ համեմատ:
Յաջորդը Ճէյք Փոլն է, որ վերադարձած է առաջատարներու շարք 2018-ին գրանցած յաջողութենէն յետոյ: Անցեալ տարի ան 45 միլիոն տոլար վաստակած է՝ ցուցադրելով իր մրցումները MMA-ի մարտիկներու հետ: Այժմ ան կը վաստակի եութուպեան գովազդներու շնորհիվ, սակայն նախապէս աւելի շատ տեսանիւթեր կը հրապարակէր: Եութուպեան ալիքը ան կ'օգտագործէ բռնցքամարտիկի իր ասպարէզը ներկայացնելու համար, որ այժմ կը կազմէ իր վաստակին մօտ 90 տոկոսը:
Առաջատար եռեակը կ'եզրափակէ Markiplier օգտատէրը, որ մեծ եկամուտ կը գրանցէ նաեւ վերնաշապիկներու, հուտիներու եւ այլ իրերու վաճառքէն: Ան կը փափաքի հեռուստատեսային աստղ դառնալ: