Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգները, տնտեսական իմաստով, միանշանակ կը շահի ուքրանական հակամարտութենէն, մինչդեռ հիմնական զոհը եւրոպացիներն են։ Այս մասին ըսած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
«Սխալ պատժամիջոցային քաղաքականութեան եւ պատերազմի զոհերը եւրոպացիներն են, պատերազմէն, միանշանակ, կ'օգտուի Ամերիկան, Եւրոպան՝ միանշանակ, կը վնասէ։ Ռուսիոյ պարագային առայժմ վիճելի է՝ կը յաղթե՞ն, թէ՞ կը պարտուին, բայց անոնք այդքան ալ չեն վնասեր փողի առումով…Ընդհանուր առմամբ, տնտեսական իմաստով կարելի է վստահօրէն ըսել, որ այս ամբողջ հակամարտութեան մէջ միակ կամ աւելի ճիշդ՝ ամենամեծ վնասողը Եւրոպան է»,-ըսած է Օրպանը Kossuth ռատիոկայանի եթերին։
Աւելի վաղ Օրպանը յայտարարած էր, որ Եւրոպան կը վնասէ՝ հրաժարելով ռուսական ուժանիւթէն՝ յօգուտ ամերիկեաններու, քանի որ ստիպուած է 5-10 անգամ գերավճար ընել։ Անոր խօսքով՝ Եւրոպան պէտք է «ամերիկացի ընկերներուն» հարցեր տայ այն մասին, թէ ով կը շահի այս իրավիճակին։