Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, խօսելով ԱՄՆ ընտրութիւններու մասին, NBC News-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ Ռուսիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Փութինը պատրաստ աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը հասկնան, որ այժմ պէտք է աւելի զգոյշ ըլլալ Ռուսիոյ հետ եւ հաշուի առնել անոր մտահոգութիւնները։
Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Իւրաքանչիւրի հետ, որ կը հասկնայ, որ այս պահէն պէտք է աւելի զգոյշ ըլլալ Ռուսիոյ հետ եւ հաշուի առնել անոր բոլոր մտահոգութիւնները», - յայտարարած է Փեսքովը:
Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ Փութինը կը նախընտրէ ԱՄՆ այնպիսի նախագահ, որ «աւելի կառուցողական» է Ռուսիոյ նկատմամբ եւ կը հասկնայ «երկխօսութեան նշանակութիւնը»: