image

Ոչ եւս է Վիրահայ անուանի գրող՝ Ժորա Սընըխճեան

 Ոչ եւս է Վիրահայ   անուանի  գրող՝ Ժորա Սընըխճեան

«Արեւելք» համացանցէն  կը կարդայ, թէ 71 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի պետական պարգեւներու արժանացած վիրահայ բանաստեղծ, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան հիմնադիր նախագահ, Նինոծմինտայի «Ռաֆայէլ Ջաւախ» կրթամշակութային կեդրոնի տնօրէն՝ Ժորա Սընըխճեան:

Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմը՝ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի գլխաւորութեամբ իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ պարոն Սընըխճեանի ընտանիքի անդամներուն եւ բոլոր հարազատներուն։