Նոյեմբեր 7-ին 72 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Միաւորուած ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ եւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ, դիւանագէտ Քրիստիան Միշել Տէր-Ստեփանեանը, որ երկար տարիներ անձնուիրաբար մաս կազմած է Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան՝ իր անգնահատելի աւանդը ներդնելով միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացման եւ առաջնահերթութիւններու առաջմղման գործին մէջ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանն իր երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին պարգեւատրուած է բազում շնորհակալագրերով, յուշամետալներով, շքանշաններով. ծառայողական պարտականութիւնները լաւագոյնս կատարելու համար պարգեւատրուած է Փլեյատի՝ Ֆրանքոֆոնիայի եւ մշակոյթներու երկխօսութեան հրամանատարի շքանշանով, ՀՀ «Մխիթար Գօշ» շքանշանով եւ այլն:
Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանը ծնած է 1951-ին, Ֆրանսայի մէջ: Սորված է Փարիզի VII համալսարանին մէջ, բանասիրութեան եւ պատմութեան բաժին:
1991-1992թթ․՝ ՀՀ ԱԳՆ Եւրոպայի վարչութեան պետ
1993-1996թթ.՝ Եւրոպական միութեան մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան խորհրդական, այնուհետեւ՝ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար
1996-1998թթ․՝ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար, իսկ 1998-1999թթ. Ֆրանսայի մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար
1999-2008թթ.՝ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ
2008-2013թթ․՝ ՀՀ ԱԳ նախարարի խորհրդական՝ ֆրանքոֆոնիայի հարցերով
2013-2019թթ.՝ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ
2019թ. յունուար 17-էն՝ Միաւորուած ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ: