image

Ոչ եւս է ՌԱԿ-ի նուիրեալ անուններէն՝ Երուանդ Ազատեան

Ոչ եւս է ՌԱԿ-ի նուիրեալ անուններէն՝ Երուանդ Ազատեան

Ֆլորիտայի մէջ կարճատեւ անհանգստութենէն ետք իր մահկանացուն կնքած է մտաւորական, կուսակցական գործիչ եւ հրապարակախօս Երուանդ  Ազատեան (Էտմոնտ Կոտալազեան, ծն. Պէյրութ 1935-ին)։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-ի իր աղբիւրէն։

Յիշեցնենք, որ Ազատեան վերջերս կը գտնուէր Պուէնոս Այրէս, ուր հանդիսապետած էր «ԹՄՄ»ի վերանորոգուած կեդրոնի բացման ու նաեւ այդ առթիւ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանած։

Միացեալ Նահանգներ վերադարձին Ազատեան յոգնութեան նշաններ ցոյց տուած է ու ապա փոխադրուած հիւանդանոց, ուր եւ աւանդած է հոգին։

Ազգային- եկեղեցական եւ կուսակցական շրջանակներուն մէջ կարեւոր գործունէութիւն տարած Ազատեան կը համարուի ՌԱԿ-ի մեր ժամանակներու տեսաբաններէն մին։

Ան հեղինակ է տասնեակ հատորներու եւ երկար տարիներէ ի վեր կը ստորագրէր Միացեալ Նահանգներ հրատարակուող «Պայքար» եւ  The Armenian Mirror Spectator թերթերու խմբագրականները ու նաեւ կը վարէր «Պայքար»ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը։ 

Ազատեան մեծ աւանդ ունեցած է ՌԱԿ-ի եւ«Թէքէեան մշակութային միութեան» մէջ: 

Կուսակցական ղեկավարը միշտ ալ անմիջական կապի մէջ եղած է հայրենի մտաւորականութեան հետ ու տարբեր միջոցներով սատարած Հայաստանի մշակութային կեանքի վերածաղկման։

Ուրոյն վերլուծումներու, աշխարհաքաղաքական պատկերը ներկայացնելու ու յատկապէս հայկական շահերը պաշտպանելու կոչուած իր գրիչով Երուանդ Ազատեան կը համարուի սփիւռքահայ հրապարակախօսութեան ամէնէն խիզախ գրիչներէն մին։

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութեան եւ անոր թողած աւանդին մասին տակաւին կ՚անդրադառնանք։