Անկէլա Մերքէլը, որ Երեքշաբթի օրուընէ Գերմանիոյ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարն է, նշած է թէ ճգնաժամերու կարգին ամէնէն բարդը իրեն համար եղած են Սուրիայէն գաղթողներու հոսքերը, ինչպէս նաեւ «Քովիտ»ի համավարակը։
««Քովիտ» ժահրի համավարակը ի սկզբանէ ինծի համար յատկապէս դժուար կը թուէր։ Նոյնքան դժուար էր յաղթահարել 2015 թուականին մեծ թիւով փախստականներու ժամանումը», ըսած է ան Frankfurter Allgemeine Sontagszeitung թերթի հրապարակած հարցազրոյցին: Անոր խօսքով, երկու պարագային ալ խօսքը մարդկային կեանքերու մասին է։ «Որոշումներ կայացնելը, որոնք կ'ազդեն շատ մարդոց վրայ, կրնան ճնշիչ եւ յուզիչ ըլլալ», ըսած է Մերքէլ:
Մերքէլը բացասաբար արձագանգած է այն հարցին, թէ կա՞ն արդեօք թեմաներ, որոնց վերաբերեալ ան այժմ, ետ նայելով, այլ որոշում կը կայացնէր։ «Բայց, ի հարկէ, կան բաներ, որոնց համար ես կ'ափսոսամ», մատնանշած է վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը՝ նշելով ածխածնի արտանետումներու դէմ պայքարի որոշ դիտարկումներ:
Կարեւորագոյն որոշումներէն Մերքէլը նշած է նաեւ Թուրքիոյ հետ գաղթականներու հոսքերը զսպելու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները։ «Այս համաձայնագիրը ներդրում դարձած է գաղթականութեան կարգաւորման գործընթացին, օգնած է Թուրքիոյ հոգալ իր տարածքին մէջ միլիոնաւոր սուրիացի փախստականներու մասին», նշած է Մերքէլ։
Մերքէլը Երեքշաբթի օրուընէ Գերմանիոյ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարն է։ Ան այդ պարտականութիւնները կ'իրականացնէ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չեն աւարտած դաշնային բանակցութիւնները՝ սոցիալ-դեմոկրատ Օլաֆ Շոլցի գլխաւորութեամբ։ Եթէ այս բանակցութիւնները յաջող աւարտին, ապա Շոլցը կը դառնայ կառավարութեան նոր ղեկավարը։ Եւ այդ կրնայ տեղի ունենալ արդէն 2021-ի Դեկտեմբերին։