Ռուսիայէն Վրաստան սեպտեմբեր 17-26-ը ժամանած է շուրջ 78 հազար ռուսաստանցի, իսկ մեկնած է աւելի քան 62 հազար Ռուսիոյ քաղաքացի քաղաքացի: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այդ տուեալները հրապարակած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ վկայակոչելով Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան վիճակագրութիւնը:
Վրացական հեռուստաընկերութիւնները յայտնած են, որ Ռուսիոյ կողմէ Վրաստանի հետ սահմանի ուղղութեամբ 20-քիլոմեթրանոց խցանում առաջացած է Վրաստանի տարածք մուտք գործելու ցանկութիւն ունեցող ռուսաստանցիներու թիւի աւելացման պատճառով:
Ըստ աղբիւրի՝ նախարարութիւնը կայքին մէջ հրապարակած է վիճակագրութիւնը «հանրային հետաքրքրութեան բարձր մակարդակի» պատճառով։
«Այս տարուայ սեպտեմբեր 21-էն ետք Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ սահմանին աւելցած է Ռուսիայէն ժամանող մարդոց թիւը։ Հանրային հետաքրքրութենէն ելլելով՝ մենք ձեզի կը տեղեկացնենք վերջին 10 օրուայ տուեալներու մասին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Վիճակագրութեան համաձայն՝ սեպտեմբեր 17-22-ն ամէն օր Վրաստան մուտք գործած եւ մեկնած է շուրջ 6,6 հազար ռուսաստանցի, իսկ սեպտեմբեր 23-էն ՌԴ-էն մուտք գործող քաղաքացիներու թիւը սկսած է գերազանցել 9 հազարը: