image

«Վառելիքի պատերազմ»ը դէպի ո՞ւր. Եւրոպացի գործիչը մտահոգ է, որ իրենք կրնան 30 տարի ետ երթալ

«Վառելիքի պատերազմ»ը դէպի  ո՞ւր.  Եւրոպացի գործիչը  մտահոգ է, որ իրենք կրնան 30  տարի ետ երթալ

Հանածոյ վառելիքի դէմ Պրիւքսէլի մղած «պատերազմը» ամբողջ արեւմտեան աշխարհը 30 տարիով ետ կը տանի, թուիթըրեան իր էջով գրած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Միսլաւ Քոլաքուշիչ։

«Եւրոպացիները ստիպուած կ'ըլլան հեծանիւներով շրջիլ, քանի որ պիտի չկրնան թոյլ տալ իրենց ինքնաշարժ վարել։ Ուժանիւթի միջոցներու «պատերազմը» կը յանգեցնէ տնտեսական անկումի։ Մենք ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը ստեղծած ենք՝ հանածոյ վառելիքի շնորհիւ։ Առանց անոր մենք ամբողջութեամբ անմրցունակ կը դառնանք»,- գրած է պատգամաւորը։