image
Հրատապ լուրեր:

Վախճանում՝ Գերշ. Տ. Սուրէն արք. Գաթարոյեանի

   Վախճանում՝ Գերշ. Տ. Սուրէն արք. Գաթարոյեանի

 Գանատայի մէջ ի տէր հանգաւ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Սուրէն արք. Գաթարոյեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սրբազան հայրը երկար տարիներով որպէս թեմակալ առաջնորդ հովուած է Բերիոյ հայոց թեմը։

 

 Սրբազանի պաշտօնավարութեան տարիները կը համարուին Հալէպի հայկական համայնքի զարթօնքի ամենափայլուն օրեր, ու ան իր ունեցած վաստակին համար շատերու կողմէ անուանուած է «Շինարար առաջնորդ»։

 Սրբազան հայրը իր աչքերը յաւերժին փակած է Գանատայի մէջ, ուր ան կը գտնուէր Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն ասդին։

 

 Տակաւին կ՚անդրադառնանք։

 

Լուսանկարը՝  Անթիլիասի  վերջին  միւռոնօրհնէքի ժամանակ (՝Սթիւտիո «Աշնակ»  Մարգար Թումայեան)