7 Հոկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանին հրապարակուեցան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահի եւ անդամներու ընտրութեան գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները։
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրած է պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանի թեկնածութիւնը։ Անոր օգտին միաձայն քուէարկած է 65 պատգամաւոր։
Արտահերթ նիստի ընթացքին ներկայացուած եւ քննարկուած են նաեւ ԿԸՅ անդամներու թափուր պաշտօններու թեկնածութիւնները։ Ընդհանուր առմամբ խօսքը 12 թեկնածուի մասին էր (առանց Յովակիմեանի)։ Սակայն դիտարկուած է ընդամէնը 6 հոգիի թեկնածութիւնը։
Ընտրուելու համար թեկնածուներէն կը պահանջուէր ապահովել պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու 3/5-ը։ Այսինքն՝ առկայ 107 ձայնէն 64-ը, բոլոր 6 թեկնածուները, ըստ գաղտնի քուէարկութեան, ստացած են 65-ական ձայն։
Նշենք, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը՝ ի դէմս «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր դաշինքներու, չէ մասնակցած քննարկումներուն եւ քուէարկութեան, պոյքոթելով Ազգային ժողովի աշխատանքները: