ՀՀ խորապէս մտահոգուած է Տոհայի բնակելի թաղամասերը թիրախ դառնալու կապակցութեամբ եւ զսպուածութեան կոչ ըրած բոլոր ներգրաւուած կողմերուն՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան իրավիճակի հետագայ սրումէն խուսափելու համար։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նշենք, որ Իսրայէլ հարուածներ հասցուցած է Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի ուղղութեամբ: Քաթար դատապարտած է «Համաս»-ի քաղաքական կեդրոնակայանին հասցուած հարուածը։ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Մաճիտ Ալ Անսարի հարուածն անուանած է միջազգային օրէնքի եւ նորմերու կոպիտ խախտում։