Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Սիսիանի բաժնի ծառայողները, յունուար 20-ին, «Զուարթնոց» օդակայանի տարածքին մէջ յայտնաբերած է եւ վարոյթ իրականացնող մարմին ներկայացուցած է 33-ամեայ Մասիս Ա.-ն:
Ան 2023 թուականի հոկտեմբեր 31-էն կը հետախուզուէր ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 525-րդ յօդուածի (Զօրամասը կամ ծառայութեան վայրն ինքնակամ թողելը կամ ժամանակին ծառայութեան վայր չներկայանալը) 5-րդ մասի մեղադրանքով, յայտնած են ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն:
Խափանման միջոցն է բացակայելու արգելքը: