image

Տրապիզոն, Վան եւ Բաղէշ (Պիթլիս). Ինչի՞ մասին խօսած է ամերիկացի դիւանագէտը

Տրապիզոն, Վան եւ Բաղէշ (Պիթլիս). Ինչի՞ մասին  խօսած է ամերիկացի դիւանագէտը

Որեւէ պարագայի չեղեալ չյայտարարել Սեւրի պայմանագիրը, որ կնքուած է 1920 թուականին եւ անյապաղ կատարել պայմանագրի կէտերը՝ Հայաստանին տրամադրելով Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները՝ ոչ ամբողջութեամբ՝ ընդամէնը 90000 քառ. քմ ելքով դէպի Սեւ ծով։ Եթէ այս գրառումը միլիոնէն աւելի մարդ տարածէ դեռ այս տիրոյթով՝ պարզապէս կաթուածահար կ'ընենք ամբողջ աշխարհը՝ իր հիւանդ մտածելակերպին համար։ Ամերիկացի նախկին դիւանագէտ՝ Ալպերթօ Միկէլ Ֆերնանտէս թուիթըրեան իր էջով գրած է, որ կ'արժէ սկսիլ նայիլ Սեւրի պայմանագիրը վերականգնելու հարցը: Հաղորդած է յունական «Կրիք Սիթի Թայմզ» պարբերականը:

Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտ՝ Ֆերնանտէսի գրառումը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ Ուժանիւթի նախարար՝ Ֆաթիհ Տէօնմէս կոչ ըրաւ վերանայելու Լոզանի 1923-ի բանակցութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Յունաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններուն: Ի պատասխան Թուրքիոյ Ուժանիւթի նախարարի այս յայտարարութեան, Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտը յիշեցուց, որ «Լոզանի պայմանագրի փոխարէն, անկասկած կ'արժէ նայիլ Սեւրի պայմանագիրը»: 1920-ի Սեւրի պայմանագիրը, որ նախորդած էր Լոզանի պայմանագրին, Թուրքիոյ համար արմատապէս տարբեր սահմաններ ունէր:

Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը ստորագրուած է Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան եւ 1914-18 թուականներու Առաջին համաշխարհային պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու՝ Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, Սերպերու, Խրուաթներու եւ Սլովենացիներու միջեւ։

Պայմանագրի համաձայն Յունաստան պիտի կառավարէր Իզմիրն ու անոր շրջակայքը եւ կրնար տիրել այդ տարածքներուն:

Թուրքիան ու Հայաստանը կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներու (վիլայեթներ) երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը ձգել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որոշման եւ ընդունիլ ինչպէս անոր որոշումը, նոյնպէս եւ բոլոր առաջարկները՝ Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ։ Պիտի ստեղծուէր անկախ Քիւրտիստան:

Թուրքիոյ մէջ Սեւրի պայմանագիրի մասին լսելը, իշխանութիւններու եւ պատմաբաններու մօտ լուրջ հիւանդագին նnպաներ կ'առաջացնէ եւ Ամերիկեան եւ Եւրոպական շատ դիւանագէտներ այն կ'անուանեն «Սեւրի համախտանիշ»:

Եւ իզուր չէ , որ Միացեալ Նահանգներու նախկին դիւանագէտ՝ Ալպերթօ Միկէլ Ֆերնանտէս թուիթըրեան գրառումը Անգարայի մէջ սկսած է վախի մթնոլորտ ստեղծել:

Թուրք պատմաբան՝ Թաներ Աքչամ այս առումով գրած է.

«Կան nւժեր, որոնք անընդհատ կը ձգտին nչնչացնել մեզի, եւ անհրաժեշտ է պետութիւնը պաշտպանէ այդ վտանգէն»: