Օրերս, Լիբանան ժամանած են Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդի բժիշկները, որոնք յառաջիկայ օրերու ընթացքին Լիբանանի զանազան շրջաններու ընկերային-բժշկական կեդրոններու մէջ սպասարկութիւններ պիտի մատուցեն։
Անոնց Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ ընդունած է Արամ Ա. կաթողիկոսը։Մեր ընթերցողներուն հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ Հայաստանի, Լիբանանի եւ նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ բժշկական առաքելութիւն իրականացնող եւ Ֆրեզնոյահաերէ բաղկացող այս խումբի ստեղծման ու անոր առաքելութեան շարունակութիւնը ապահովելու մէջ կեդրոնական դեր կը շարունակէ ունենալ արմատներով պէյրութահայ՝ Տօքթ. Վաչէ Վասիլեանը, որուն անունը յայտնի է հայրենի եւ սփիւռքեան առողջապահական- բժշկական շրջանակներուն մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` Լիբանան ժամանեցին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդի բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի։
Արդարեւ, Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց վերոյիշեալ խորհուրդի բժիշկները։ Աբգարեան վեհափառին յայտնեց իր եւ բժիշկներուն որդիական երախտագիտութիւնը, որ անգամ մը եւս իրենց առիթ ընձեռնուեցաւ ըլլալու Լիբանանի մէջ՝ հայրապետին հովանիին տակ։ Այս առիթով, Աբգարեան կաթողիկոսին ներկայացուց ընդհանրապէս Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդին եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան մատուցելիք ծառայութեան ծրագիրները։
Հայրապետը բարձր գնահատեց այսպիսի աշխատանքի մը նախաձեռնութիւնը եւ նախաձեռնութեան գործնապէս նեցուկ կանգնող խումբ մը կամաւոր հայ թէ օտար բժիշկները։ Ան ըսաւ, որ այս աշխատանքը պարզապէս մեր ժողովուրդին կամաւոր ծառայութիւն մը չէ՝, այլ սրբազան եւ անշահախնդիր առաքելութիւն է։ «Ձեր կատարածը, բառին ամբողջական իմաստով, ծառայութիւն է։ Ինչպէս Քրիստոս աշխարհ գալով՝ եղաւ կարիքաւորին ու հիւանդին կողքին, դուք եւս, իբրեւ բժիշկ-առաքեալներ, եկած էք ըլլալու լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ կանգնելու անոնց կարիքներուն կողքին, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ ընկերային, տնտեսական ու բժշկագիտական լուրջ մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ», ընդգծեց կաթողիկոսը։
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց եւ հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ բժիշկներուն՝ անոնց մաղթելով բարի եւ յաջող ծառայական առաքելութիւն։
Յայտնենք, որ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդը յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին պիտի գտնուի զանազան շրջաններու ընկերային-բժշկական կեդրոններ։