Եթէ տնտեսութիւնը կը կաղայ, կը փռշտայ, կը հազայ, ուրեմն վե՛րջ, ալ ի՞նչ հասարակութեան համախմբում, իսկ եթէ չկայ համախմբում, ապա ընդհանրապէս ոչինչ կայ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը վստահ է, որ հասարակութեան միաւորման կարելի է հասնիլ ուժեղ տնտեսութեամբ, այլ ոչ թէ այն պարագային, երբ տնտեսութիւնը «կը կաղայ, կը փռշտայ ու կը հազայ»:
Երիտասարդ ձեռներէցներու հետ հանդիպման ընթացքին երկրի ղեկավարը նշած է պետութեան ինքնիշխանութիւնը կազմող բաղադրիչները, որոնց շարքին նշած է «տնտեսական ինքնիշխանութիւնը»:
Զարգանալ այնպէս, որ զարգացման հիմնական ոլորտներուն մէջ ոեւէ մէկէն կախում չըլլայ, խօսքը կրիտիկական արհեստագիտութիւններու մասին է` այն, ինչն կ'ապահովէ հասարակութեան եւ պետութեան կենսունակութիւնը, նշած է Փութինը:
Ան նաեւ կարեւորած է ազգային խնդիրներու լուծման համար հասարակութեան համախմբուելու կարողութիւնը:
«Հասարակութեան այս համախմբումը զարգացման առանցքային, հիմնարար պայմաններէն մէկն է, եթէ այդպիսի համախմբում չըլլաձ, ամէն ինչ կը փլի», ընդգծած է նախագահը:
«Եթէ տնտեսութիւնը կը կաղայ, կը փռշտայ, կը հազայ, ուրեմն վե՛րջ, ալ ի՞նչ հասարակութեան համախմբում, իսկ եթէ չկայ համախմբում, ապա ընդհանրապէս ոչինչ կայ», համոզմունք յայտնած է երկրի ղեկավարը: