Երեւանի «Մուրացան» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է նախօրէին Գեղարքունիքի մարզի Ներքին Գետաշէն գիւղի «Սուրբ թաղ» թաղամասի հարեւանութեամբ գտնուող մատուռի մօտ յայտնաբերուած նորածին տղան։
Ինչպէս յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, երեխան «Մուրացան» հիւանդանոց տեղափոխուած էր Մարտունիի բժշկական կեդրոնի շտապօգնութեան բժիշկներու ուղեկցութեամբ եւ «Մուրացանի» բժիշկները քանի մը ժամ շարունակ պայքարած էին երեխայի կեանքի համար։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ 22 յուլիսին առեղծուածային դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Ժամը 11։50-ի մօտերը ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Մարտունիի բաժին տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Ներքին Գետաշէն գիւղի «Սուրբ թաղ» թաղամասին մէջ՝ մատուռի հարեւանութեամբ, նորածին երեխայ կայ։
Նշուած է, որ Գեղարքունիքի մարզի Ներքին Գետաշէն գիւղի մատուռի մօտ տոպրակի մէջ թողուած նորածին տղուն գիւղի շուները քաշելով հասցուցած են գիւղացիներէն մէկու տան ետնամաս։ Գիւղի վարչական ղեկավար Ռուբէն Զուլոյեանը յայտնած է, որ բնակչուհին 10։30-ին բակի ետնամասը հաւաքուած շուներ տեսած է, հեռացուցած է անոնց այդ հատուածէն, յետոյ տեսած է դեղին տոպրակ, որուն մէջ գտած է երեխան ու զանգած է ոստիկանութիւն։ Գիւղապետի խօսքով, շուները նորածին տղուն չեն վնասած, միայն տոպրակը քաշելու պատճառով քիչ մը պատառոտուած է։