image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիրի շուրջ 500-ամեայ Ս. Սարգիս եկեղեցին կը վերականգնուի

Տիարպէքիրի շուրջ 500-ամեայ Ս. Սարգիս եկեղեցին կը վերականգնուի

Տիարպէքիրի շուրջ 500-ամեայ Ս. Սարգիս եկեղեցին կը վերականգնուի։

Տիարպէքիրի գաւառապետ Մուրատ Զօրլուօղլու, օրերս, այցելած է եկեղեցւոյ տարածք, տեղւոյն վրայ ծանօթանալւ վերականգնողական աշխատանքներուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Տիյարպաքըրի գաւառապետ Մուրատ Զօրլուօղլու երէկ, 13 Նոյեմբերին այցելեց շուրջ 500ամեայ Ս. Սարգիս եկեղեցի, տեղւոյն վրայ ծանօթանալով վերականգնողական աշխատանքներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս եկեղեցին կը գտնուի նահանգի Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղին մէջ, ուր հայ համայնքի բացակայութեան հետեւանքով, ժամանակի ընթացքին աւերածութիւններ ունեցած է, իսկ 6 Փետրուար 2023ի ուժգին երկրաշարժներու հետեւանքով՝ աւելի մեծ վնասներ կրած։

Գաւառապետը յայտնեց որ վերականգնողական աշխատանքները սկսած են 2024ին, քանի որ իրենք մեծ կարեւորութիւն կուտան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։ «Վերականգնողական աշխատանքներու աւարտին ետք, այս պատմական կառոյցը կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ Սուրի պատմական կառոյցի ու քաղաքի մշակութային բազմազանութեան մէջ», ըսաւ գաւառապետ Զօրլուօղլու։