image

Ս.Պօղոս եկեղեցին տօնեց հիմնադրութեան 60-ամեակը

Ս.Պօղոս եկեղեցին տօնեց հիմնադրութեան 60-ամեակը

Իլինոյ նահանգի Ուոքիկընի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ համայնքը Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, հանդիսաւոր ճաշկերոյթով եւ գեղարուեստական յայտագիրով նշեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը՝ արժեւորելով վեց տասնամեակներու համայնքային ծառայութիւնն ու եկեղեցաշէն գործունէութիւնը։

Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց ճաշկերոյթին։ Հոգաբարձութեան ատենապետուհին՝ տոքթ. Ալթա Միքայէլեան, ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտութեամբ յիշեց վեց տասնամեակներու ընթացքին համայնքի կառուցման իրենց ներդրումը ունեցած եւ ունեցող անձերը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Տարօն Ա. Քհն. Ստեփանեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց համայնքին, որ ամիս առ ամիս զինք կը հիւրընկալէ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հիացումը յայտնեց Ուոքիկընի փոքրիկ, բայց կենսունակ համայնքին եւ բարձրօրէն գնահատեց անոր աշխուժութիւնը։ Տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա»յի երգեցողութեամբ։