image

Թովմաս հայրիկին սրտառուչ երգը (Տեսանիւթ)

       Թովմաս հայրիկին սրտառուչ  երգը (Տեսանիւթ)

 

 Հայեցի շունչով սնած ու իր զաւակներուն այդ ոգին տուած Թովմաս հայրիկը երկար տարիներու Դաշնակցական կուսակցական է։ 

 Անոր կեանքի նուիրումը, ընտանիքի հանդէպ սէրը ու ամէնակարեւորը շնորհաբաշխ էութիւնը ամէնօրեայ օրհնութիւն է իր սիրելի զաւակներուն, որոնք ամէն օր եւ ամէն պահու շնորհակալութիւն կը յայտնեն անոր ու անոր միջոցաւ բարձրեալին։

 

 

91-ամեայ Թովմաս Գազանճեանին համար հայ երգով ապրիլը կեանքի ոճ է։ 

 

 1930 Թուականին Սուրիոյ   Ռաքքա քաղաքը  ծնած, շրջան մը Պէյրութ ապրած Թովմաս Գազանճեանը երկար տաիներէ ի վեր կ՚ապրի Լոս Անճելըսի մէջ ուր հանգստեան կոչուելով կ՚ըմբոշխնէ արեւու մէն մի ճառագայթն ու շունչը։

 

 

 Հայեցի շունչով սնած ու իր զաւակներուն այդ ոգին տուած Թովմաս հայրիկը երկար տարիներու Դաշնակցական կուսակցական է։ 

 Անոր կեանքի նուիրումը, ընտանիքի հանդէպ սէրը ու ամէնակարեւորը շնորհաբաշխ էութիւնը ամէնօրեայ օրհնութիւն է իր սիրելի զաւակներուն, որոնք ամէն օր եւ ամէն պահու շնորհակալութիւն կը յայտնեն անոր ու անոր միջոցաւ բարձրեալին։

 

 

 Գեղեցիկ աւանդոյթներու, ոգիի եւ հայու կերտուածքին հաւատարիմ Թովմաս հայրիկին համար ամէնօրեայ ապրում է յեղափոխական երգը եւ այդ ապրումէն պահ մը ուզեցինք բաժնեկցիլ «Արեւելք»-ի ընթերցողներուն հետ։

 

Յիշեցնենք, որ  Թովմաս  Գազանճեան  հայրն է   Ամերիկա հաստատուած   գործարար  Վարդան Գազանճեանին։