image

Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութիւն պիտի ըլլայ. Թուրք գործիչ

Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութիւն պիտի ըլլայ. Թուրք գործիչ

Թուրքիոյ «Բարօրութիւն» կուսակցութեան նախագահ Ֆաթիհ Էրպաքանը խօսած է երկրին մէջ հնարաւոր իշխանափոխութեան մասին։

Թրքական Sozcu–ի փոխանցմամբ՝ Ֆաթիհ Էրպաքան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութիւն պիտի ըլլայ, սակայն կարեւոր է թէ ով կու գայ անոնց տեղը։

Էրպաքանը շեշտած է, թէ երբեմն երբ անձրեւէն կը փախչին ու կը յայտնուին կարկուտի տակ, անոն իրավիճակը աւելի լաւ չ'ըլլար։ «Այսինքն այս իշխանութեան փոխարէն պիտի բերենք ամէն երեկոյ հեռուստատեսութեամբ երեւցող փողատէր ընդդիմութի՞ւնը։ Անոնցմէ այս երկրին ու ժողովուրդին օգուտ չ'ըլլար», ըսած է Էրպաքանը։