image

Թուրքիոյ մէջ դարձեալ երկրաշարժ

Թուրքիոյ մէջ դարձեալ  երկրաշարժ

18 մարտին 3,4 մակնիթուտով երկրաշարժ արձանագրուած է կեդրոնական Թուրքիոյ մէջ, տեղեկացուցած է Եւրոպական միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնը (EMSC)։

Նշուած է, որ օճախը գտնուած է 8 քիլոմեթր խորութեան վրայ։

Ցնցումները արձանագրուած են Քահրամանմարաշ նահանգէն 63 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ Կեոքսուն քաղաքէն 3 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, նշած է EMSC։