image

Թուրքիոյ կողմէ հրետակոծութիւն Տհոքի վրայ. կայ 9 զոհ եւ 23 վիրաւոր

Թուրքիոյ կողմէ հրետակոծութիւն Տհոքի վրայ. կայ 9 զոհ եւ 23 վիրաւոր

Իրաքի հիւսիսային շրջանի Տահուք նահանգին մէջ թրքական հրետակոծութեան հետեւանքով զոհուած Է 9 մարդ եւ վիրաւորուած 22: Այս մասին կը հաղորդԷ INA գործակալութիւնը, նշելով որ յարձակումը եղած է ջբօսաշրջային կառոյցի մը վրայ:

 Դէպքի առթիւ կառավարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա ալ-Քասիմին զոհուածների հիշատակին 21 յուլիսը յայտարարած է ազգային սուգի օր :

Նշենք, որ Տահուքի նահանգը կը մտնԷ Իրաքեան Քիւրտիստանի կազմին մէջ:

Հանրապետութեան ուժային գերատեսչութիւններու մամուլի ծառայութիւնը տեղեկացուցած Է ութ մարդու զոհուելու եւ 23-ի վիրաւորումի մասն:

Իրաքի կառավարութեան կից Ազգայն անվտանգութեան խորհուրդը որոշած Է Անգարայէն ետ կանչել գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը՝ խորհրդակցութեան համար: Արտաքին գործոց նախարարութեան յանձարարուած Է զեկոյց պատրաստել  Թուրքիոյ կողմէ արաբական հանարպետութեան ինքնիշխանութեան խախտումներու մասին եւ գանգատ ներկայացնել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, կանչել Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ բողոք յայտնել անոր, հաղորդած Է «ԹԱՍՍ»-ը: