image

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ Հայաստան ապաստան ստանալու հայց ներկայացուցած են

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ Հայաստան ապաստան ստանալու հայց ներկայացուցած են

2023 թ. առաջին կիսամեակին 440 մարդ դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստան հայցելու համար։

Ըստ ՀՀ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Գաղթականութեան եւ Քաղաքացիութեան Ծառայութեան տուեալներուն՝ ցանկին մէջ կան Ատրպէյճանի 2 եւ Թուրքիոյ 10 քաղաքացիներ։ Ատրպէյճանի քաղաքացիներէն մէկուն դիմումը կարճուած է, երկրորդինը նշուած չէ։

Թուրքիոյ 10 քաղաքացիներէն երկուքին դիմումը կարճուած է, մէկը` մերժուած, միւս դիմումներու ընթացքին մասին չի նշուիր։

Ի դէպ, աշխարհի ամենաանվտանգ 117 երկիրներու շարքին Հայաստանը 25-րդն է։