Թուրքիոյ անվտանգութեան խորհուրդը «վճռական աջակցութիւն» յայտնած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման։
Թուրքիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարութիւն ընդունուած է, որուն մէջ «վերահաստատուած է Ատրպէյճանին վճռական աջակցութիւնը, որ մեծ ջանքեր կը գործադրէ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, եւ ընդգծուած է, որ այս հարցով ներգրաւուած բոլոր կողմերը, յատկապէս՝ տարածաշրջանի երկիրները, պէտք է անկեղծօրէն նպաստեն կարգաւորման մշտական հիմունքներով, այլ ոչ թէ հակամարտութեան խորացման»։