Իսրայէլի հետ առեւտուրը դադրեցնելու Թուրքիոյ որոշումը ուժի մէջ կը մնայ մինչեւ Կազայի մէջ մշտական հրադադարի հաստատում։ Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար ղեկավար Օմեր Պոլաթ։
«Երբ 2 մայիսին որոշեցինք ամբողջութեամբ դադրեցնել առեւտուրն Իսրայէլի հետ, ընդգծեցինք, որ մեր նպատակն է, որ Իսրայէլը հնարաւոր չափով շուտ համաձայնի մշտական եւ անյապաղ զինադադարի, որպէսզի հնարաւոր չափով արագ վերականգնուի պարէնամթերքի առաքումը տարածաշրջան, բժշկական եւ մարդասիրական օգնութիւնը: Քանի դեռ մենք չենք տեսած այդ, Իսրայէլի հետ առեւտուրը դադրեցնելու մեր որոշումը կը մնայ ուժի մէջ»,-նշած է նախարարը:
Միեւնոյն ժամանակ Պոլաթ շեշտած է, որ Պաղեստինի հետ առեւտուրը կը շարունակուի։
«Մենք կ'ընենք հնարաւոր ամէն բան, որպէսզի պաղեստինեան տնտեսութիւնը նուազագոյն կորուստներ կրէ»,-ըսած է Պոլաթ Պաղեստինի տնտեսութեան նախարար Մոհամէտ ալ Ամուրի հետ հանդիպումէն յետոյ։