Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ապահովումը հնարաւոր է միայն Պաղեստինի անկախութեամբ:
Այս մասին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ըսած է Սուրբ Եփրեմ Ասորի հնագոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ՝ Թուրքիոյ ՝ որպէս հանրապետութեան գրեթէ հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին կառուցուած առաջին եկեղեցւոյ բացման արարողութեան:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու բռնութիւնները պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութիւններուն մէջ։
Թայիպ Էրտողանը յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է բոլոր ջանքերը գործադրելու Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ ճգնաժամը կարգաւորելու համար։