Թուրքիան կրկին յայտարարած է Ատրպէյճանին լիարժէք եւ անվերապահ աջակցութեան մասին՝ շնորհաւորելով Ատրպէյճանը «նոյեմբեր 8-ի յաղթանակի օրուան» կապակցութեամբ։
«Թուրքիան պիտի շարունակէ լիարժէք եւ անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին՝ ողջ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան, կայունութեան բարձրացման համար»,-ըսուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի հաղորդագրութեան մէջ։
Այսպիսով, Թուրքիան լիարժէք աջակցութիւն կը յայտնէ 2020 թուականի աշնան Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման՝ կրկին յայտարարելով Ատրպէյճանի ցանկացած յարձակման ամէն կերպ օժանդակելու պատրաստակամութեան մասին։ Թուրքիան էր, որ Մերձաւոր Արեւելքէն վարձկաններ եւ ահաբեկիչներ ուղարկեց Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու գօտի։