image

Թուրքիան կը փորձէ ռազմակայաններ տեղակայել Սուրիոյ մէջ, այդ սպառնшլիք է Իսրայէլի համար. Նաթանիահու

Թուրքիան կը փորձէ ռազմակայաններ տեղակայել Սուրիոյ մէջ, այդ սպառնшլիք է Իսրայէլի համար. Նաթանիահու

Թուրքիան կը փորձէ ռազմակայաններ տեղակայել Սուրիոյ մէջ, մենք աշխուժօրէն կ՚աշխատինք ատոր դէմ: Ինչպէս հաղորդած է The Jerusalem Post-ը, այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։

«Թուրքիան կը փորձէ ռազմակայաններ տեղակայել Սուրիոյ մէջ, այդ մէկը կը սպառնայ Իսրայէլի անվտանգութեան։ Մենք դէմ ենք ատոր եւ աշխուժօրէն կ՚աշխատինք ատոր դէմ։ Ես այդ մասին ըսի նախագահ Թրամփին, որ ե՛ւ իմ ընկերն է, ե՛ւ Էրտողանի ընկերը», -աւելցուցած է Նաթանիահուն։

Աւելի վաղ Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնած էր լուծելու Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ տարաձայնութիւնները։