Ուժանիւթի ներկրման թրքական պետական BOTAS ընկերութիւնը բարձրացուցած է բնական կազի գիները արդիւնաբերական կառոյցներուն համար 50 տոկոսով, իսկ տնային տնտեսութիւններուն համար` 35 տոկոսով:
BOTAS-ը նաեւ յայտնած է, որ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար բնական կազի գիները աճած են 44.3 տոկոսով:
Թուրքիան կը ներկրէ ուժանիւթակիրներու իր գրեթէ բոլոր կարիքները, ինչ որ զայն խոցելի կը դարձնէ գիներու մեծ տատանումների նկատմամբ: Կառավարութեան տուեալներուն համաձայն` ուժանիւթային ծախսերը Սեպտեմբերին սկսած են աճիլ եւ 2022 թուականի առաջին երկու ամսուան մէջ տարեկան կտրուածքով աճած են 212 տոկոսով` մինչեւ 16.8 միլիառ տոլար:
BOTAS-ի կողմէ Կեդրոնական դամատունէն արտարժոյթի գնումները վերջին ամիսներուն պատմական առաւելագոյնի հասած են ուժանիւթակիրներու գիներու աճին պատճառով: