Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի հրամանով արագացուած կերպով խորհրդարանին կողմէ ընդունուած է կանանց նկատմամբ բռնութեան ուղեկցմամբ յանցագործութիւններու պարագային «լաւ վարքագիծ»ի հետ կապուած մեղմացումները վերացնելու մասին որոշման նախագիծը: Այն կը նախատեսուէր ընդունիլ Մարտ ամսուն:
Արդարադատութեան նախարարութեան տրամադրած տեղեկութիւններուն համաձայն` դատական 6-րդ փաթեթի հաստատման աշխատանքները, որ կը ներառէ կանանց նկատմամբ բռնութեան համար պատիժները մեծցնող կանոնակարգերը նախարար Պեքիր Պոզտաղի հրամանով արագացուած են:
Խորհրդարան ուղարկուելիք փաթեթով պիտի խստացուին կանանց նկատմամբ բռնութեան յանցագործութիւններու համար նախատեսուած պատիժները: Բացի անկէ` կանանց նկատմամբ բռնութեան պարագային «լաւ վարքով» պայմանաւորուած մեղմացուցիչ հանգամանքները պիտի վերացուին: Կանանց յամառօրէն հետեւիլը պիտի ամրագրուի որպէս քրէօրէն պատժելի յանցագործութիւն: