Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութիւն կը վարէ Ատրպէյճանի համաձայնութեամբ եւ հաւանութեամբ: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիք:
Անոր խօսքով` ինչպէս յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը, «Թուրքիան չի մասնակցիր որեւէ նախաձեռնութեան, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդն ու պետութիւնը աննպատակայարմար կը համարեն»:
Մէջբերելով Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, որ «եթէ Հայաստանը հեռու մնայ այդ պահանջներէն եւ հրաժարի Ատրպէյճանի նկատմամբ իր յարձակողական վերաբերմունքէն, ապա կրնայ ի յայտ գալ տարածաշրջանի այլ պետութիւններու` Ռուսաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի մասնակցութեամբ խաղաղ լայնամասշտաբ մեխանիզմի տեսլականը»: Չելիքը յաւելած է, որ եթէ Էրտողանը տարածաշրջանային խաղաղութեան նպաստելու եւ Սեւ ծովի մէջ ճգնաժամը կանխելու նպատակով վճռականօրէն կը շարունակէ այդ առաքելութիւնը, եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու քայլերու կը ձեռնարկուին Ատրպէյճանի հաւանութեամբ եւ համաձայնութեամբ` «մէկ ազգ` երկու պետութիւն» հասկացութեան շրջանակին մէջ: