image

Թուրքիա. Երկրի ներքին գործոց փոխնախարարը այցելած է Գերպ. Տ. Լեւոն Զէքիեանին

 Թուրքիա. Երկրի ներքին գործոց փոխնախարարը այցելած է Գերպ. Տ. Լեւոն Զէքիեանին

Պոլսոյ  մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» օրաթերթէն վերահասու կը դառնանք, որ երկրի 

Ներքին գործոց փոխնախարար Մուհթերէմ Ինճէ երէկ այցելեց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը, ուր իր հետեւորդներուն հետ ընդունուեցաւ վիճակաւոր Զէքիեան Գերապայծառին կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ հասարակութենէն հոգեւորականներ եւ աշխարհական գործիչներ։ Սաքըզաղաճի աղբիւրները հաղորդեցին, որ վաքըֆներու վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ տեղի ունեցած են կարծիքի փոխանակումներ։

Ինչպէս ծանօթ է, Մուհթերէմ Ինճէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը մօտաւոր անցեալին այցելած էր նաեւ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Փոխնախարարը շփումներ ունեցած էր նաեւ այլ փոքրամասնական համայանքներու հետ։ Այս բոլորը մաս կը կազմեն ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրի լուծման ուղղեալ աշխատանքներու ծիրին։ Արդարեւ, ըստ զանազան լսումներու, պատկան մարմինները ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան աշխատանքները բաւական հասունցուցած են եւ հաւանական է, որ մօտաւոր ապագային Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուի նոր կանոնադրութիւնը։